ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Դպրոցական օրէնքները չյարգող եւ անոր ոգիին դէմ գործող աշակերտը իր արարքին տարողութեան համաձայն կը կրէ անոր հետեւանքը, որ կը գործադրուի ուսուցիչներուն, հերթապահներուն, Կարգապահական յանձնախումբին կամ Տնօրէնութեան կողմէ:

Այդ հետեւանքներուն նպատակը աշակերտը ուղղել է եւ հասկցնել իր արարքին սխալ բնոյթը։

Դպրոցին առօրեայ կարգապահական օրէնքները ի զօրու են նաեւ բոլոր ատենամարզանքներուն, պաշտամունքներուն, արտադպրոցական այցելութիւններուն, ակումբային գործունէութիւններուն, մարզական խաղերուն եւ դպրոցական այլ գործունէութիւններու, այցելութիւններու ընթացքին:

Դպրոցին կարգապահական օրէնքներուն գլխաւորներն են.

  1. Կարգ մը մեծ յանցանքներու, ինչպէս ըմբոստութեան, դասադուլի, յաճախակի դիտումնաւոր ուշացումի եւ բացակայութեան, հայհոյութեան, կռուազանութեան, ուսուցիչներու նկատմամբ անյարգալիր վերաբերմունքի, անպատշաճ արտայայտութեանց, դիմադարձութեան, խարդախութեան, գողութեան եւ այլ պարագաներու, Կարգապահական յանձնախումբը եւ Տնօրէնութիւնը կրնան տնօրինել խիստ ուղղամիջոցներու:
  2. Դպրոցին առաքելութեան մաս կազմող հիմնական սկզբունքները քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներն են, որոնց նկատմամբ որեւէ անարգական վերաբերմունք ենթակայ է խիստ ուղղամիջոցներու։
  3. Տարուան աւարտին, վարքի «դժգոհ» նիշ ունեցող աշակերտները, դպրոց կ՚ընդունուին կարգապահական պայմանաւորումով։ Եթէ դժգոհութիւնը շարունակուի, ապա կը ստիպուին միջավայր փոխել:
  4. Բացարձակապէս արգիլուած է ծխելը եւ ալքոլի գործածութիւնը Հայ Աւետարանական Գոլէճ յաճախող աշակերտներուն, թէ՛ դպրոցին մէջ, թէ՛ դպրոցէն դուրս։ Առաջին առիթով յանցանքի մէջ գտնուողը կը կախակայուի եւ գրաւոր ազդարարութիւն կը ստանայ։ Կրկնութեան պարագային՝ ենթակային կը յանձնուի 2-րդ գրաւոր ազդարարութիւն, որով յաջորդ տարեշրջանին դպրոց չ՚ընդունուիր։ Իսկ երրորդ անգամ նոյն յանցանքը գործելու պարագային ենթական դպրոցէն անմիջապէս կը հեռացուի։
  5. Այն աշակերտական ձեռնարկները, որոնք դպրոցին կողմէ չեն յայտարարուիր կամ տնօրէնութեան հաւանութեան չեն արժանանար, անհատական բնոյթ կը կրեն։ Այդ պարագային, երբ դպրոցին անունը շահագործելով ընկերային եւ արտադպրոցական ձեռնարկներ կազմակերպուին, նախաձեռնող ու մասնակցող աշակերտներն ու աշակերտուհիները կ'ենթարկուին կարգապահական խիստ միջոցառումներու, իսկ դպրոցը ո՛չ մէկ պատասխանատւութիւն կը կրէ անոնց ընթացքին պատահած որեւէ սխալ արարքի:
  6. Վարքուբարքով ոչ-գոհացուցիչ եւ անուղղայ աշակերտը կը հեռացուի դպրոցէն՝ տուեալ դասարանին ուսուցչակազմի յանձնարարութեամբ Կարգապահական յանձնախումբի որոշումով եւ Տնօրէնութեան հաւանութեամբ։
  7. Դպրոցը կը բացուի առաւօտեան ժամը 7։10-ին եւ կը փակուի կ. ետք ժամը 2։45ին։ Այդ ժամերէն առաջ եւ ետք, անոնք որոնք որեւէ արտօնեալ գործունէութեան մաս չեն կազմեր, պէտք չէ դպրոց մնան։ Դպրոցը պատասխանատու չէ այդ ժամերէն դուրս դպրոց մնացած աշակերտներուն:
  8. Պահամիջոցներուն պէտք է պահպանուի կարգապահ մթնոլորտ թէ՛ դասարանին, թէ՛ միջանցքներուն մէջ։
  9. Դպրոցէն ներս թէ դուրս, աշակերտներ պարտին միշտ վայել ընթացքի մէջ գտնուիլ իրենց դասատու կամ ոչ-դասատու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հանդէպ, յարգալիր կեցուածք եւ վերաբերում ցոյց տալով (խօսած ատեն ոտքի ելլել, բարեւել, յոգնակիով խօսիլ եւ այլն)։
  10. Դպրոցէն ներս հակաքրիստոնէական, անբարոյալից եւ ոչ-աշակերտավայել հրատարակութիւններ, նկարներ, ֆիլմեր դիտել, ունենալ եւ ուրիշներուն տալ կամ ցոյց տալ, դպրոցի գերագոյն սկզբունքներուն դէմ կը նկատուի եւ խստագոյնս պատժելի է։ Յարգոյ ծնողաց գործակցութեան կ՚ապաւինինք, որ դպրոցական ժամերէն դուրս ալ, աշակերտներ նման գործունէութիւններէ զերծ մնան, իրենց ազգային եւ բարոյական նկարագիրը անխաթար պահելու համար։
  11. Դպրոցական ժամերուն եւ անկէ դուրս, եթէ աշակերտ մը ընկերային ցանցերով (social media) կամ համացանցով (internet) կամ հաղորդակցական այլ միջոցներով (Whatsapp) անբարոյալից ֆիլմեր կամ նկարներ տարածէ, կամ որեւէ ընկերոջ կամ ուսուցիչի հանդէպ անարգական արտայայտութիւն ունենայ, դպրոցը իրաւունք ունի միջամուխ ըլլալու եւ ուղղամիջոցներ կիրարկելու, ըստ յանցանքին տարողութեան։
  12. Հայ Աւետարանական Գոլէճը երկսեռ հաստատութիւն է, ուր կը քաջալերուին աշակերտներուն միջեւ առողջ յարաբերութիւնները։ Սակայն եթէ այդ յարաբերութիւնները անցնին պատշաճութեան սահմանները եւ աշակերտներու միջեւ ֆիզիքական մտերմիկ (intimate) շփումներ նկատուին, դպրոցը իրաւունք ունի միջամտելու եւ կիրարկելու ուղղամիջոցներ եւ հարկին՝ դիմելու ծնողաց միջամտութեան։
  13. Ոչ-հայ ուսուցիչներուն պահուն հայերէն խօսիլը բացարձակապէս արգիլուած է։
  14. Զբօսանքին, բացի տեղատարափ անձրեւոտ եւ/կամ բացառիկ ցուրտ օրերէն, աշակերտներ պէտք է բակ իջնեն կամ գրադարան բարձրանան:
  15. Դպրոցի ժամերուն դուրսէն գնումները արգիլուած են, ըլլայ անձամբ, ըլլայ առաքումով (delivery), բացի եթէ արտօնեալ նպատակով կատարուած է:
  16. Ծամօն դպրոց բերելը եւ ծամելը արգիլուած է:
  17. Դպրոցէն ներս աշակերտներուն միջեւ որեւէ բնոյթի առքուվաճառքը արգիլուած է։
  18. ՀԱԳ-ը աւետարանական եւ հայկական նկարագիր ունեցող դպրոց է, հետեւաբար դպրոցէն ներս աշակերտներուն արգիլուած է կուսակցական, քաղաքական կամ միութենական նիւթեր արծարծել, մարզական մրցումներու եւ այլ առիթներով վէճեր յարուցել, կուսակցական երգեր երգել, ունկնդրել եւ տարածել, ցուցատախտակներու վրայ կուսակցական, քաղաքական կամ միութենական նիւթեր կամ օրացոյցեր զետեղել, դպրոցի շրջափակէն ներս կամ անմիջական շրջակայքը նման թղթիկներ ցրուել, այս կամ այն միութեան յօգուտ վիճակահանութեան տոմս վաճառել, պայուսակին կամ գրչատուփին վրան նմանատիպ գրութիւններ կատարել, կուսակցութիւններու, քաղաքական ուղղութիւններու, կրօնական կազմակերպութիւններու եւ ուղղութիւններու կամ այլազան միութիւններու անունով կամ կարգախօսերով ապարանջան, վզնոց կրել կամ թիշըրթներ հագնիլ եւ այլն։
  19. Դպրոցի շրջափակէն որեւէ պատճառով առանց հրամանի դուրս ելլելը փախուստ կը նկատուի, նոյնիսկ արձակման ժամուն։
  20. Դպրոցէն ներս բջիջային հեռաձայնի գործածութիւնը արտօնուած չէ: Ամէն առտու, աշակերտներ իրենց հեռաձայնը կը յանձնեն պատասխանտու ուսուցիչին եւ ետ կ'առնեն օրուայ աւարտին: Այլապէս հեռաձայնը նախ ամիս մը, ապա ամբողջ տարին կը գրաւուի։
  21. Որեւէ ձեւով դպրոցին համացանցի կապի ծածկագիրը (password) իմանալ արգիլուած է։
  22. Արգիլուած է դպրոց բերել համակարգիչ, laptop, ipod եւ նման իրեր, բացի եթէ արտօնութեամբ բերուած են, դասի կամ դպրոցական գործունէութեան նպատակներով։ Արտօնուած է օթոքարին մէջ ականջակալներով երաժշտութիւն ունկնդրելը։
  23. Դպրոցի ինչքերուն կամ դասընկերոջ մէկ ունեցուածքին կամ ուսուցիչի պատկանող ինքնաշարժին կամ այլ սեփականութեան ակամայ վնաս հասցուցած աշակերտը, պարտաւոր է վնասուց հատուցում վճարել: Իսկ եթէ վնասը պատճառուած է դիտումնաւոր կերպով, տուեալ աշակերտը նաեւ կ՚ենթարկուի կարգապահական ուղղամիջոցի։
  24. Արգիլուած է դպրոց բերել վնասակար իրեր՝ հրահան, պայթուցիկ, որեւէ չափի եւ տեսակի դանակ, աղմհայարոյց իրեր եւ այլն։ Այսպիսի առարկաները կը գրաւուին անվերադարձ կամ կը յանձնուին միայն ծնողքին՝ անձամբ։
  25. Երկրորդական բաժինին տրամադրուող դարակներուն պատասխանատուները՝ դարակներուն տէրերն են, որոնք հասցուած որեւէ վնասի կամ կորսուած բանալիի փոխարէն պէտք է փոխարժէքը հոգան: Դարակներուն մէջ արգիլուած բաներ պահողը կ'ենթարկուի ուղղամիջոցի: Դպրոցը իրաւունք ունի որեւէ ատեն, առանց կանխազգուշացումի, պրպտել դարակները: Դարակներու բանալիները պէտք է վերադարձուին տարեվերջին:
  26. Դպրոցին մաքրութիւնը, բոլորին պատասխանատւութիւնն է: Բակի, աստիճաններու, միջանցքի, դասարաններու, զուգարաններու մաքրութեան դէմ մեղանչող աշակերտներ պիտի ենթարկուին խիստ ուղղամիջոցներու, ընդհուպ մինչեւ՝ անձամբ մաքրութիւն ընելու իրենց աղտոտած վայրին մէջ:
  27. Քաֆեթրիային մէջ աշակերտները պարտին ըլլալ քաղաքավար, հնազանդ ու առաջնահերթութիւն տան նախակրթարանի փոքրիկներուն: Յանցաւորները կրնան ժամանակաւոր կամ ընդմիշտ զրկուիլ այդ սպասարկութենէն:
  28. Ուտել արտօնուած է միայն բակին մէջ եւ զբօսանքի ժամերուն։ 4-րդ յարկին վրայ, կրնան ուտել բացառաբար միայն փինկ-փոնկ խաղալու իրաւունք ունեցող աշակերտները, որոնք աչալուրջ պէտք է ըլլան սրահի մաքրութեան, այլապէս, ժամանակաւոր կամ ընդմիշտ կը զրկուին փինկ-փոնկ խաղալու իրաւունքէն։
  29. Աշակերտներ իրաւունք ունին որեւէ հարցով իրենց բողոքը արտայայտելու վիճակի մը, որոշման մը կամ անձի մը դէմ։ Սակայն ատիկա պարտ է որ ըլլայ քաղաքավարութեամբ, հիմնաւորուած ձեւով եւ կատարեալ յարգանքով։ Ըմբոստութիւն պիտի նկատուին դասարան չմտնելը, գրաւոր կամ քննութիւն չընելը կամ պարապ թուղթ յանձնելը, դպրոցէն բացակայիլը եւ այլ ցուցադրական արարքներ։ Դպրոցը կը քաջալերէ աշակերտական համագործակցութիւնը եւ միասնականութիւնը, սակայն ոչ՝ ժխտական վիճակներու մէջ։ Աշակերտներու պարտքն է իրենց դասընկերները ետ պահել ժխտական արարքներէ եւ համոզել հարցերու խաղաղ լուծման։
  30. Աշակերտներուն մուտքը ուսուցչարան արգիլուած է օրուան որեւէ ժամուն, բայց մանաւանդ երբ այնտեղ ուսուցիչ չկայ։ Եթէ ուսուցիչ մը այս կամ այն առարկան բերելու համար աշակերտ կը ղրկէ ուսուցչարան, տուեալ աշակերտը իրեն տրուած յանձնարարութիւնը կատարելէ անմիջապէս ետք պէտք է դուրս ելլէ, առանց սեղաններուն, դարակներուն կամ զեկուցատախտակին մօտենալու։
  31. Եթէ որեւէ զանցառու աշակերտ, խոստովանի եւ ընդունի իր յանցանքը, ինչպէս նաեւ անկեղծ զղջում ցուցաբերէ, անոր նկատմամբ կիրարկուելիք ուղղամիջոցը կրնայ կէսի իջնել կամ նոյնիսկ՝ պայմանաւորումով յետաձգուիլ։

ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Պաշտամունքները հայ աւետարանական վարժարաններու դաստիարակչական գործէն անբաժանելի են, ուստի կ'ակնկալուի որ աշակերտներ ամենայն պատասխանատւութեամբ վերաբերին թէ՛ առաւօտեան, թէ՛ կիրակնօրեայ պաշտամունքներուն:

  1. Ամէն աշակերտ պարտի ներկայ ըլլալ առաւօտեան պաշտամունքներուն: Ուշանալու պարագային, պէտք է բացատրութիւն տայ պատասխանատուին: Պաշտամունքներուն պէտք է պահել ծայր ատիճան կարգապահ եւ լուրջ մթնոլորտ, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ մասնակցիլ երգեցողութեանց եւ այլ գործունէութիւններու: Պաշտամունքի ատեն դաս սերտել արգիլուած է:
  2. Կիրակնօրեայ ամսական պաշտամունքներուն բոլոր հայ աշակերտներուն ներկայութիւնը պարտաւորիչ է: Միութենական (մարզական, սկաուտական եւ այլ) ձեռնարկներ, ընտանեկան պտոյտներ եւ գիւղագնացութիւններ արտօնելի բացառութիւններ չեն նկատուիր: Ընտանեկան կարգ մը պարագաներ նկատի կ'առնուին, եթէ նախապէս դպրոցը տեղեակ պահուած է: Երկու եւ աւելի անյարգելի բացակայութիւն արձանագրած աշակերտները ենթակայ են կարգապահական հետապնդումի (շարադրական աշխատանք, կախակայում եւ այլն): Որեւէ բացակայութեան պարագային (բացի եթէ նախօրօք արտօնուած է), ենթական յաջորդ դպրոցական օրն իսկ պարտի բացատրագիր բերել ծնողքէն, այլապէս բացակայութիւնը անյարգելի կը նկատուի:
  3. Այլ եկեղեցիներ յաճախող աշակերտներ, եթէ պիտի բացակային կիրակնօրեայ պաշտամունքէն, տուեալ եկեղեցւոյ հովիւէն պաշտօնական նամակ բերելու են:
  4. Կիրակնօրեայ պաշտամունքներուն աշակերտները դպրոցական համազգեստով պէտք է ներկայանան:

ՏԱՐԱԶ ԵՒ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔ

Դպրոցական համազգեստը լոկ միակերպութիւն եւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու համար չէ։ Համազգեստը կ՚առանձնացնէ Հայ Աւետ. Գոլէճի աշակերտը այլ դպրոցներու աշակերտներէն։ Ատիկա ձեւով մը մեր պատկանելիութեան արտաքին դրսեւորումն է։ Հետեւաբար, թէ՛ մեր կոկիկ արդուզարդը, թէ՛ մաքուր ու կոկիկ համազգեստը արտայայտութիւններն են մեր պատկանելիութեան գիտակցութեան։ Կ՚ուզենք որ մեր աշակերտները ա՛յս գիտակցութեամբ մօտենան իրենց տարազին։ Ներքոթուարկեալ օրէնքները, մանաւանդ կերպարանքի կանոնները, գործադրելի են նաեւ արտադպրոցական ձեռնարկներու ընթացքին:

Այս բաժինին կ'ակնկալենք նաեւ յարգոյ ծնողաց սերտ համագործակցութիւնը:

  • Ա1. Դպրոցի կողմէ ճշդուած համազգեստը պարտաւորիչ է բոլոր աշակերտներուն: Համազգեստին բոլոր բաղադրիչները պէտք է գնուին դպրոցէն, բացի եթէ այլապէս թելադրուի:
  • Ա2. Տարազը պէտք է ըլլայ ներկայանալի վիճակի մէջ: Աղջկանց փէշերը՝ մինչեւ ծունկ, տղոց տաբատը՝ իրենց չափին, շապիկները՝ մաքուր, արդուկուած եւ ոչ-պատռտուած վիճակի մէջ: Դպրոցը իրաւունք ունի ստիպելու նոր տարազի գնումը, եթէ ատիկա չպատշաճի վերոյիշեալ օրէնքներուն:
  • Ա3. Բացառաբար արտօնուող տաբատները/ժաքէթները պէտք է ըլլան դպրոցի համազգեստի գոյնին:
  • Ա4. Շապիկին տակէն հագցուող թիշըրթները պէտք է ըլլան ճերմակ, առանց գրութեան կամ նկարի:
  • Ա5. Աղջկանց քոլանները պէտք է ըլլան մորթագոյն կամ մութ գոյնի, իսկ գուլպաները՝ ճերմակ կամ մութ գոյնի:
  • Ա6. Կօշիկներն ու էսփատրիները պէտք է ըլլան մութ գոյն:
  • Ա7. Դասարաններուն մէջ գլխարկ կամ ֆուլար դնելը եւ թրանշքօթ հագնիլը արգիլուած է: Անոնք, ցուրտ օրերուն, կարելի է գործածել պասին մէջ կամ զբօսանքի ընթացքին: Ֆուլարները կրնան ըլլալ տարազին գոյներով, ճերմակ կամ մութ գոյնի:
  • Ա8. Մարզական տարազը ՄԻԱՅՆ մարզանքի պահուն համար է: Միջնակարգի եւ երկրորդականի բոլոր աշակերտները մարզական տարազով չեն կրնար դպրոց գալ:
  • Ա9. Աղջկանց տաբատը սահմանուած է միայն դպրոցին կողմէ ճշդուած ցուրտ ամիսներուն հագնելու համար։ Այդ թուականներէն առաջ եւ ետք բոլոր աղջիկները պէտք է հագնին իրենց փէշերը։
  • Բ1. Արգիլուած է դպրոցէն ներս զարդեղէններ կրել ու շպարուիլ։ Միայն բարակ շղթայ մը ու փոքր խաչ մը արտօնուած է կրել, ինչպէս նաեւ բլթակին փակած՝ մէկական փոքր օղեր: Դաստակին միայն մէկ հատ կտաւէ, հիւսքէ կամ կաշիէ ապարանջան կ'արտօնուի, պայմանաւ որ անոր վրայի գրութիւնը կամ նշանը չհակասէ դպրոցի սկզբունքներուն եւ արժէքներուն: Այլապէս անիկա պիտի գրաւուի ամբողջ տարուան համար:
  • Բ2. Դպրոցը կորսուած զարդեղէններուն պատասխանտւութիւնը չի վերցներ։
  • Բ3. Տղոց օղ կրելը եւ թէ՛ տղոց թէ՛ աղջիկներուն թաթու ընելը բացարձակապէս արգիլուած է:
  • Բ4. Բոլոր ուսանողներուն մազերը պէտք է կոկիկ կերպով յարդարուած եւ վայելուչ ըլլան։ Մազ ներկելը, ճէլ գործածելը, արտառոց սանտրուածքները արգիլուած են։
  • Բ5. Աղջկանց երկար մազերը կապուած ըլլալու են պատշաճ կապով/ծամակալով մը:
  • Բ6. Տղաք պէտք է կանոնաւորաբար սափրուին: Մօրուք ձգելը արգիլուած է։
  • Գ1. Ակումբային այցելութիւններու ժամանակ, կամ երբ որ զանազան առիթներով դպրոցը արտօնէ աշակերտներուն առանց համազգեստի ներկայանալ ըլլա՛յ դպրոց, ըլլա՛յ որեւէ արտադպրոցական գործունէութեան, աշակերտներուն հագուածքն ու արդուզարդը պէտք է պատշաճին դպրոցի սկզբունքներուն։ Այլապէս, տնօրէնութիւնը կամ պատասխանատու ուսուցիչը իրաւունք ունին արգիլելու տուեալ աշակերտին մասնակցութիւնը այդ գործունէութեան եւ իր նկատմամբ ուղղամիջոցներ ենթարկելու։
  • Գ2. Քաղաքական եւ/կամ կրօնական որեւէ կողմի կամ հակաքրիստոնէական, անբարոյական կողմնորոշում ունեցող որեւէ երաժշտախումբի յատուկ տարազի մաս (գլխու կապ, գլխու ծածկոց, ֆուլար, թիշըրթ եւ այլն) բացարձակապէս արգիլուած է դպրոցին մէջ եւ դպրոցին առնչուած բոլոր գործունէութիւններուն ընթացքին։

Դ1. Վերոյիշեալ կանոններուն հանդէպ թերացումին հետեւանքը կ'ըլլայ.

  • թերացում. Բերանացի ազդարարութիւն եւ մատեանին մէջ գրանցում
  • թերացում. Գրաւոր ազդարարութիւն
  • թերացում. Ուղղամիջոցներ, ընդհուպ մինչեւ կախակայում:

ՃՇԴԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ եւ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Ժամադրութիւնը յարգելը մարդկային կարեւոր առաքինութիւն մըն է, որուն հիմը կը դրուի դպրոցին մէջ: Որեւէ խմբային աշխատանքի հեզասահ ընթացքը կը խանգարուի, եթէ նոյնիսկ մէկ հոգի թերանայ տրուած պայմանաժամը յարգել: Դպրոցին պարտականութիւնն է աշակերտները վարժեցնել ճշդապահութեան ու պարտաճանաչութեան, ըլլա՛յ դպրոց գալուստի ժամուն, ըլլա՛յ դասարան մտնելու պահուն, ըլլա՛յ պարտականութիւնները կատարելու մէջ կամ իրենց տրուած թուղթերը (վիճակացոյց, շրջաբերական, նամակ եւ այլն) յանձնելու ատեն:

  • Ա1. Առաւօտեան ուշացող աշակերտներ պարտին ներկայանալ գրասենեակ ուր կը ճշդուին ենթակային ուշացումին պատճառները ու արտօնագիր մը կը տրուի դասարան մտնելու։ Երեք ոչ-բանաւոր պատճառաւ ուշացումի հետեւանքով ծնողաց կը ղրկուի ազդարարութիւն։ Անկէ ետք կը սահմանուի պատիժ։
  • Ա2. Օրուան որեւէ ժամուն ոչ-բանաւոր պատճառով դասարանէն ուշանալը կը նկատուի թերացում:
  • Ա3. Զբօսանքներուն ծրագրուած գործունէութիւնները պէտք է աւարտին զբօսանքին։ Բացառիկ պարագաներու համար պէտք է առնուի յաջորդ պահու ուսուցիչին արտօնութիւնը։
  • Բ1. Դասերէն բացակայութիւնը բանաւոր կը նկատուի միայն ծնողաց կողմէ գրուած նամակին ընդունելի պատճառաբանութեամբ:
  • Բ2. Բանաւոր պատճառով բացակայած աշակերտը կրնայ գրաւորի make-up ընել տնօրէնութեան տուած արտօնագիրէն ետք
  • Բ3. Ճամբորդութեան կամ այլ պատճառներով ծրագրուած բացակայութիւնները պէտք է նախապէս համաձայնեցուին տնօրէնութեան հետ:
  • Բ4. Հիւանդութեան պատճառով 3 օրէն աւելի բացակայած աշակերտը, ինչպէս նաեւ քննութեանց բացակայող մը, պարտին բժիշկէ հիւանդութեան հաստատագիր բերել:

Գ. Դպրոցական այցելութիւնները ՀԱԳ-ի կրթադաստիարակչական աշխատանքին մէկ մասն են, հետեւաբար դպրոցը չի քաջալերեր անոնցմէ բացակայութիւնը։ Բացառիկ պարագաներու, եթէ ծնողաց կողմէ որեւէ արգելք ըլլայ, ատիկա պէտք է գրաւոր բացատրուի տնօրէնութեան ու վաւերացուի։ Այդպիսի պարագաներու, բացի լուրջ անհանգստութեան ատեն, աշակերտը չի կրնար տուն մեկնիլ, կը մնայ դպրոց եւ սերտողութիւն կ՚ընէ։

  • Դ1.- Տնային պարտականութիւնները կատարելու թերացող եւ/կամ դասագիրքեր, տետրակներ կամ այլ անհրաժեշտ իրեր մոռցող աշակերտը առաջին անգամ կը ստանայ բերանացի դիտողութիւն, երկրորդ անգամ՝ գրաւոր ազդարարութիւն, որմէ ետք գրաւորներէն յաջորդաբար կը նուազեցուի հինգ նիշ, տասը նիշ , տասնհինգ նիշ....
  • Դ2.- Աշակերտին տրուած նամակները, արտօնագիրները, շրջաբերականները, որոնք ծնողաց կողմէ պէտք է ստորագրուին, անմիջապէս յաջորդ օրն իսկ պէտք է յանձնուին դաստիարակին, այլապէս աշակերտը կրնայ ենթարկուիլ ուղղամիջոցներու։
  • Դ3.- Վիճակացոյցը պէտք է վերադարձուի բաշխումէն 2 օր ետք, ստորագրուած ծնողքին կողմէ։ Թերացողները ենթակայ են նիւթական տուգանքի։

ՕԹՕՔԱՐԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

  1. Հայ Աւետարանական Գոլէճը իր տրամադրութեան տակ ունի օթօքարներ՝ աշակերտներուն երթեւեկը ապահովող։
  2. Այդ ծախսը կը գանձուի մասնավճարներով։ Բանաւոր պատճառներով երբ մէկը ստիպուի դադրեցնել օթօքարի գործածութիւնը, կը վճարէ տուեալ ամսուան ամբողջ սակը։
  3. Տրուած ըլլալով որ օթօքարը պարտաւոր է որոշ ժամու մը դպրոց հասնիլ եւ որոշ ուղեգիծի մը հետեւիլ, չի կրնար պատահական ամէն պահանջքի ենթարկուիլ։
  4. Այն աշակերտը որ օթօքարին մէջ անընդհատ խանգարում կը պատճառէ մնայուն անկարգապահութեամբ, կամ մշտապէս կ'ուշանայ օթօքարէն, կը զրկուի այդ սպասարկութենէն։ Անկարգապահներ այլ պատիժներու կ'ենթարկուին։
  5. Բոլոր, բայց մանաւանդ նախակրթարանի աշակերտները, պարտին հետեւիլ օթօքարի հսկիչներու թելադրութիւններուն:
  6. Օթօքարէն ներս ուտելը, օթոքարը աղտոտելը, պատուհանէն բան մը նետելը, ձեռք ու գլուխ պատուհանէս դուրս հանելը, վարիչին հետ անկիրթ վարուիլը լուրջ յանցանքներ են, որոնց ենթական, կրնայ զրկուիլ օթօքարի սպասարկութենէ, եթէ կրկնէ նման զանցանքներ:
  7. Որեւէ աշակերտ, առանց արտօնութեան չի կրնար փոխել իր օթօքարը։ Այդ արտօնութիւնը կը տրուի ծնողաց կողմէ ներկայացուած նամակի հիմամբ։

ՆԻՒԹԱԿԱՆ

  • Ա1. Կրթաթոշակներու ճշդուած սակերը կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ, մանաւանդ եթէ պետութիւնը յաւելում պարտադրէ։
  • Մասնավճարներու յաճախականութիւնը պէտք է տարեսկիզբին ճշդուի հաշուապահութեան հետ եւ այդ համաձայնութիւնը պէտք է բծախնդրօրէն յարգուի:
  • Յաջորդող տարեշրջանին արձանագրուելու համար պէտք է կատարուի նախնական արձանագրութիւն եւ տրուի կանխավճար:
  • Բ1. Կրթանպաստի դիմումնագիրները հաշուապահութեան յանձնուելու են Մայիս 15-էն Յուլիս 5 ժամանակամիջոցին (բացի նորեկ աշակերտներէ): Պայմանաժամը չյարգող աշակերտներ չեն կրնար օգտուիլ կրթանպաստէ:
  • Բ2. Կրթանպաստի դիմումնագիրները պէտք է տարուէ-տարի նորոգուին. տրուած զեղչերը կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ:
  • Բ3. Կրթանպաստ ստանալու համար պէտք է
    • ա. Նախորդ տարուան վճարումները ամբողջացած ըլլան եւ
    • բ. Նախնական արձանագրութիւն կատարուած ըլլայ:
  • Բ4. Դասարան կրկնողները եւ անգոհացուցիչ վարք ունեցող աշակերտները կը զրկուին կրթանպաստէ, բացի յատուկ պարագաներէ: Բացառութիւններ կրնայ ընել միայն կրթանպաստի յանձնախումբը, եթէ յարմար նկատէ, ենթակային ծնողքին յատուկ դիմումին հիմամբ:
  • Բ5. Կրթանպաստ ստացող աշակերտներուն կրնան յանձնարարուիլ զանազան պաշտօններ դպրոցէն ներս:

ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Գրադարանը լուր սերտողութեան վայր մըն է, ուր աշակերտներ զբօսանքներուն եւ ազատ պահերուն կրնան ընթերցանութեամբ, դաս սորվելով կամ դաստիարակչական խաղերով ժամանակ անցընել։

  1. Գրադարանը ունի տարբեր ժամեր, յատկացուած տարբեր դասարաններու։ Ամէն աշակերտ պէտք է յարգէ այդ ժամանակացոյցը:
  2. Գրադարանէն առնուած գիրքերը պէտք է անպայման յանձնուին գրադարանավարին կողմէ, համապատասխան գրառումը կատարելէ ետք։
  3. Որոշեալ ժամանակամիջոցին գիրք փոխ առած աշակերտը կա՛մ պէտք վերադարձնէ ատիկա, կա՛մ նորոգէ փոխառութեան ժամկէտը։ Այլապէս տուգանք կը վճարէ։
  4. Փոխ առնուած գիրքերը պէտք է վերադարձուին մաքուր վիճակով։ Պատռտուած, աղտոտած գիրքերը ենթակայ են փոխարժէքի հատուցման։
  5. Գրադարանէն ներս կը գործեն դպրոցին բոլոր կարգապահական կանոնները։
  6. Թերթեր, ամսագրեր եւ այլ պարբերականներ տուն տանիլ արգիլուած է։
  7. Գրադարանին համակարգիչը եւ տպիչը միայն գրադարանավարին գործածութեան համար են։

ԾՆՈՂՔ – ԴՊՐՈՑ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Աշակերտին բարօրութիւնը դպրոցէն ներս, ի շարս այլ գործօններու, մեծապէս պայմանաւորուած է նաեւ դպրոց-ծնողք համագործակցութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով։ ՀԱԳ-ը ծնողները կը նկատէ իր առաքելութեան իրականացման գործակիցները, ոչ՝ յաճախորդներ, ինչպէս կ՚ընեն կարգ մը օտար դպրոցներ։ Թէ՛ տնօրէնութիւնը, թէ՛ ուսուցիչները պատրաստ են գործակցելու բոլորին հետ, միշտ ի մտի ունենալով ընդհանուր աշահերտութեան շահը։

Ա. Ծնողական ժողովներ եւ հանդիպումներ

  • Ա1. Դպրոցը կանոնաւորաբար կը գումարէ ընդհանուր ծնողական ժողովներ, ուր, ծնողք առիթ կ՚ունենան հանդիպելու ուսուցիչներու հետ եւ քննարկելու՝ իրենց զաւակներուն մասին զանազան հարցեր։
  • Ա2. Նոյնպէս կը գումարուին մասնակի ժողովներ, որոնք նուիրուած կ՚ըլլան դասարանի մը, կամ որոշակի նիւթի մը։
  • Ա3. Ծնողք պարտին ներկայ ըլլալ բոլոր ծնողական ժողովներուն, իրենց զաւկին կրթական եւ ընկերային վիճակին մասին խորհրդակցելու համար:
  • Ա4. Ուսուցիչներ եւ տնօրէնութիւն միշտ պատրաստ են հանդիպելու ծնողաց հետ եւ լսելու զիրենք ու տալու անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ։ Տնօրէնութեան կամ ուսուցիչներու հետ հանդիպելու համար պէտք է նախապէս ժամադրուիլ, անհարկի եւ երկար սպասումներէ կամ խաչաձեւումներէ խուսափելու համար։

Բ. Ծնողք-ուսուցիչ յարաբերութիւններ

  • Բ1. Բացի շատ շտապ (emergency) պարագաներէ, ուսուցիչներուն չհեռաձայնել, whatsapp message-ներ չղրկել դպրոցական ժամերէն դուրս։
  • Բ2. Ծնողք-ուսուցիչ հանդիպման վայրը կա՛մ դպրոցի ընդունելութեան սրահն է, կա՛մ ուսուցիչին յարմար նկատած մէկ վայրը, ուր կարելի կ՚ըլլայ խորհրդապահաբար զրուցել։
  • Բ3. Կը խնդրուի ուսուցիչները նեղ կացութեան չմատնել, նիշի կամ որեւէ այլ հարցով պահանջներ կամ խնդրանքներ ներկայացնելով։
  • Բ4. Դպրոցի օրէնքով արգիլուած է ուսուցիչներուն իրենց աւանդած դասարանին/նիւթին անձնական դաս տալու։ Այսինքն 11-րդի հայերէնի ուսուցիչը չի՛ կրնար 11-րդցի աշակերտի հայերէնի անձնական դաս տալ։ Կը խնդրենք այս հարցով նոյնպէս ուսուցիչները նեղ կացութեան չմատնել։
  • Բ5. Թելադրելի է, որ ծնողները տեղեակ պահեն դպրոցը, եթէ իրենց զաւակը տունէն ներս անձական ուսուցիչ ունի։ Եթէ անհրաժեշտութիւն նկատուի անձնական դասի, դպրոցը կրնայ յանձնարարել Հայկազեան Համալսարանի ուսանողներ կամ ՀԱԳ-ի շրջանաւարտներ։ Դպրոցը նիւթական համաձայնութեան հետ կապ չ՚ունենար նման միջնորդութեան ատեն։
  • Բ6. Եթէ աշակերտ մը ուսուցիչէ մը դժգոհութիւն ունի, անձամբ կամ ծնողաց միջոցաւ պէտք է խօսի այդ ուսուցիչին հետ, որ հարցը յստականայ։ Եթէ չեն ուզեր ուղղակի ուսուցիչին հետ խօսիլ, կրնան դիմել տնօրէնութեան, որ հարցը պարզաբանելէ ետք, կը լուծէ։ Հետեւաբար, որեւէ անհասկացողութիւն պէտք է ուղղակիօրէն լուծուի, փոխանակ աջ ու ձախ հեռաձայններ կամ խօսակցութիւններ կատարելու։

Գ. Կարգապահական հարցերու լուծում

  • Գ1. Եթէ ձեր զաւակը, որեւէ գանգատով դիմէ ձեզի, կը խնդրենք որ նախ ստուգէք պարագան ամբողջութեամբ. սուտը ինքնապաշտպանական մեքանիզմ մըն է, որ պզտիկները կը կիրարկեն, հետեւաբար, որեւէ քայլ ձեռնարկելէ կամ որեւէ արտայայտութիւն ունենալէ առաջ կը խնդրուի հետապնդել հարցը դաստիարակին միջոցաւ։
  • Գ2. Եթէ երկու աշակերտի միջեւ որեւէ հարց ծագի, ինչ ալ ըլլայ անոր տարողութիւնը, ծնողք բնաւ պէտք չէ անձամբ յանդիմանեն դիմացի աշակերտը, ոչ ալ սպառնան անոր։ Նման պարագաներու դիմել ուղղակի կարգապահական պատասխանատուին կամ դաստիարակին։

Դ. Ծնողական մարմիններ

  • Դ1. Դպրոցէն ներս կը գործէ Ծնողաց մարմինը, որ պետական ճանաչում ունի եւ կը կազմուի ընտրութեամբ, հետեւելով Լիբանանի Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան հաստատած օրէնքներուն։
  • Դ2. Ծնողաց մարմինը լաւագոյն վայրն է, որուն միջոցաւ ծնողք կրնան ընդհանուր առաջարկներ ներկայացնել տնօրէնութեան, կամ տնօրէնին միջոցաւ՝ հոգաբարձութեան։
  • Դ3. Ծնողաց մարմինը, լսելէ ետք ընդհանուր դիտողութիւններն ու առաջարկները, կը քննէ զանոնք վարչական ժողովին ու մշակելով, կը ներկայացնէ տնօրէնութեան։
  • Դ4. Դպրոցէն ներս կը գործեն նաեւ «Տիկնանց օժանդակ» եւ «Տիկնանց ընկերային» կազմերը, որոնց գերագոյն նպատակը դպրոցին բարօրութիւնն ու աշակերտներուն համար առողջ եւ հաճելի միջավայր մը ստեղծելն է։ Հետեւաբար կ՚ակնկալենք յարգոյ ծնողաց քաջալերանքը այդ մարմիններուն կազմակերպած ձեռնարկներուն։
  • Դ5. Կը քաջալերենք յարգոյ մայրերը, որ իրենց ժամանակը ներածին չափով մասնակցին թէ՛ վարչական աշխատանքներուն, թէ՛ ծառայութիւններուն (օր. քաֆեթերիայի սպասարկութիւն), թէ՛ գործունէութիւններուն։

Ե. Դասերու վերաբերեալ

  • Ե1. Մանաւանդ նախակրթարանի ծնողք ուշադրութեամբ հետեւելու են դասացուցակին եւ օրը-օրին ստորագրելու են զայն։ Կը խնդրենք որ ձեր զաւակները նեղ կացութեան չմատնէք դասացուցակը ստորագրել մոռնալով։ Նոյնը՝ եթէ կը պահանջուի որ գրաւորները ստորագրուին։
  • Ե2. Եթէ ծնողք կը կասկածին որ իրենց զաւակը դասացուցակը չի գրեր կամ սխալ կամ պակաս կը գրէ, պէտք է անմիջապէս տեղեկացնեն դաստիարակին։
  • Ե3. Երբ աշակերտներուն որեւէ դասի project պատրաստել կը տրուի, բնական է որ ծնողներ օգնեն իրենց զաւակներուն, մանաւանդ նախակրթարանի մէջ։ Անընդունելի է սակայն, երբ ամբողջ project-ը ծնողք ինք կ՚ընէ։ Ուսուցիչներ բաւարար ժամանակ կու տան աշակերտներուն որ իրենց այդ պարտականութիւնը կատարեն, հետեւաբար պէտք չէ վերջին վայրկեանին ձգեն։

Զ. Այլ

  • Զ1. Այն ծնողները, որոնք դպրոցին մէջ ուսուցիչ-ուսուցչուհի են, կամ կ՚օժանդակեն դպրոցի մարմիններու աշխատանքին, կամ կ՚աշխատին դպրոցին մօտակայ հաստատութիւններէն մէկուն մէջ (Հայկազեան Համալսարան, Թրատ հիւանդանոց եւ այլն), դպրոցական առօրեայ ժամերուն իրենց զաւկին/զաւակներուն յատուկ վերաբերմունք պէտք չէ ցուցաբերեն, այցելութիւններով, գուրգուրանքի ժեսթերով, ուսուցիչներու հետ անհարկի մօտիկութիւն ցուցաբերելով եւ այլ միջոցներով։ Սա կը հակասէ մանկավարժական բոլոր սկզբունքներուն։
  • Զ2. Դպրոցը, թէեւ չ՚արգիլեր Ուսուցչաց տօնին առթիւ ուսուցիչներուն նուէր ընել, սակայն կը թելադրէ, որ անոնք ըլլան խորհրդանշական ժեսթեր (ծաղկեփունջ, քարտ եւ այլն) կամ ընդհանուր ուսուցչարանին ուղղուած, քան՝ անհատ ուսուցիչներու տրուած նուէրներ։ Անկեղծօրէն կատարուած մաղթանք մը կամ շնորհակալութիւն մը, աւելի կ՚արժէ քան թանկարժէք զարդեղէն մը։
  • Զ3. Ուսուցչաց տօնի ծիրէն դուրս, ուսուցիչներուն նուէր ընել արգիլուած է, բացի բացառիկ պարագաներէ (հրաժեշտ, յոբելենական առիթ եւ այլն)։ Այդ պարագաներուն պէտք է առնել տնօրէնութեան արտօնութիւնը։ Նման ժեսթեր նախընտրելի է որ ըլլան Ծնողաց մարմինին կողմէ, բոլոր ծնողներուն անունով։
  • Զ4. Դպրոցէն ղրկուած բոլոր շրջաբերականները պէտք է կարդաք եւ տեղեկանաք անոնց բովանդակութեան, ի հարկին անմիջապէս ստորագրելով անոնք։
  • Զ5. Աշակերտին հիմնական պարտականութիւնը դասն է։ Արտադպրոցական գործունէութիւնները (երաժշտութեան դաս, մարզում, սկաուտութիւն, ընտանեկան ծրագիրներ, պարախումբ եւ այլն) օգտակար են ու քաջալերելի, սակայն նախապատւութիւնը կ՚երթայ դասերուն։
  • Զ6. Այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները անձամբ դպրոց կը բերեն, պէտք է անմիջապէս հեռանան միջանցքներէն, բակէն, մանկապարտէզի սրահէն, բացի եթէ այլ հանդիպում մը ունին։
  • Զ6. Թիւրիմացութիւններէ խուսափելու համար,
    • ա. Բացարձակապէս արգիլուած է ծնողաց մուտքը դասարաններ եւ դպրոցի ուսուցչարան՝ օրուայ բոլոր ժամերուն:
    • բ. Պայուսակները դասարան հանելու նպատակով, շէնք բարձրանալը արգիլուած է:
    • գ. Կէսօրէ ետք կամ արձակուրդի օրերուն, մոռցուած գիրք-տետրակ առնելու համար կամ այլ բացառիկ պարագաներու, ծնողք շէնք կը մտնեն միայն տնտեսին ընկերակցութեամբ:

Է. Սնունդ

  • Է1. Քաֆեթերիայէն գնում ընելու համար մէկ օրուան բաւարար մի քանի հազար լ. ոսկիէն աւելի դրամ չտալ աշակերտին։ Դպրոցը պատասխանատու չէ կորսուած գումարին։
  • Է2. Աշակերտներուն սանտուիչները պէտք է ըլլան իրենց ախորժակին համեմատ. ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Սանտուիչներուն պարունակութիւնն ալ պէտք է ըլլայ սերտուած, մաքրութեան եւ առողջապահութեան կանոններուն համաձայն։
  • Է3. Եթէ ձեր զաւակը որեւէ տեսակի պանիր, մսեղէն կամ այլ բան չ՚ուտեր, անոնցմով պատրաստուած սանտուիչներ մի՛ ղրկէք, ըսելով որ «դպրոցը կ՚անօթենայ ստիպուած կ՚ուտէ»։ Եթէ թափէ այդպիսի սանտուիչ մը, աշակերտը խստագոյնս պիտի պատժուի։
  • Է4. Արգիլուած է դպրոց բերել չիփս, սիւսէթ, փոփքորն, ծամօն եւ նման ուտելիքներ։ Կը խնդրենք որ խուսափիք նաեւ թրքական ուտելիքներ ղրկելէ։ Յարմար գինով լիբանանեան բազմաթիւ քաղցրեղէններ կան, նոյն եւ աւելի լաւ որակի։
  • Է5. Կը քաջալերենք պտուղներու սպառումը, սակայն անոնք պէտք է ըլլան լաւ պահպանուած (tupperware-ներու մէջ եւ այլն), որպէսզի չնեխին։

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ

Դպրոցը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մօտէն կը հետեւի աշակերտութեան առողջութեան եւ կ'ակնկալէ ծնողներէն, որ տեղեակ պահեն դպրոցս իրենց զաւկին ունեցած հիւանդութիւններէն, մանաւանդ եթէ անոնք յատուկ ուշադրութիւն կամ հոգածութիւն կը պահանջեն (alergy եւ այլն): Նման պարագաներու, եթէ յատուկ դեղամիջոցներ կան, հարկ է որ տուփ մըն ալ դպրոցը պահ դրուի:

  • 1. Մաքրութիւնը (մարմնի, մազի, եղունգներու, փոխնորդներու, գործածուած առարկաներու) նախազգուշական լաւագոյն միջոցն է, ուստի հարկ է որ աշակերտներ հոգ տանին իրենց մաքրութեան, կանոնաւորաբար լուացուելով, յատուկ deodorant-ներ գործածելով եւ օրական փոխուելով:
  • 2. Ծնողաց գիտակցութեամբ աշակերտներ կը պատուաստուին երբ նման անհրաժեշտութիւն ծագի։
  • 3. Աշակերտները ապահովագրուած են արկածի դէմ՝ 24 ժամի վրայ 24 ժամ։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցած արկածներու պարագային, դպրոցի պաշտօնեան զանոնք կը տանի մօտակայ Թրատ հիւանդանոցը քննութեան կամ դարմանումի համար:
  • 4. Դպրոցական ժամերէ եւ դպրոցէն դուրս եթէ արկածներ պատահին, անոնց դարմանումին համար պէտք չէ սպասել աշակերտին յաջորդ օրը դպրոց գալուն։ Ապահովագրական ընկերութիւնը լուրջ առարկութիւն կ՚ընէ նման պարագաներու եւ նոյնիսկ կրնայ մերժել դարմանումի ծախսերուն ստանձնումը։ Այս պարագային ծնողք իրենք պէտք է հոգան բոլոր ծախսերը։
  • 5. Աշակերտները կ'ենթարկուին ատամնաբուժական, ակնաբուժական, մարմնի եւ այլ քննութեանց Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան բժիշկներուն կողմէ: Հարկ է որ ծնողք աչալուրջ կերպով հետապնդեն տրուած դարմանումի յանձնարարութիւնները:
  • 6. Երբ որեւէ աշակերտ կամ աշակերտուհի դպրոցական ժամերուն ընթացքին անհանգիստ զգայ, այդ պահուն դաս ունեցող ուսուցիչին արտօնութեամբ դիմելու է պատասխանատուներուն, որոնք ի հարկին կը տեղեկացնեն ծնողաց:
  • 7. Մարզանքի դասէն զերծ կացուցուելու համար ծնողքէ նամակ պէտք է ներկայացնել: Անակնկալ անհանգստութեան պարագային, աշակերտուհիներ պէտք է դիմեն բարձր կարգերու որեւէ ուսուցչուհիի՝ արտօնութիւն ստանալու համար:
  • 8. Երկար տեւողութեամբ մարզանքէ զերծ մնալու համար (2 պահէ աւելի), բժիշկէ հաստատագիր պէտք է ներկայացուի, ուր յստակօրէն նշուած պէտք է ըլլայ զերծ կացուցուելու ժամանակը:
  • 9. Տուներէն բերուած ուտելիքները պէտք է ըլլան մաքրութեան եւ առողջապահութեան ընդհանուր եւ դպրոցի կանոններուն համապատասխանող։

Armenian Evangelical College
is coming soon!!

It's almost ready ... :)

Armenian Evangelical College
is coming soon!!

It's almost ready ... :)