Նորեկներու ընդունելութիւն

Հայ Աւետարանական Գոլէճ կ'ընդունուին լիբանանցի կամ օրինական կարգավիճակով լիբանանաբնակ հայ աշակերտներ, ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարան, եթէ կ'ամբողջացնեն պետական եւ դպրոցի ներքին կանոնները:

Ոչ-հայ աշակերտներու ընդունելութիւնը կը կատարուի բացառիկ կանոններու հիմամբ:

Մանկապարտէզ ընդունուելու համար, աշակերտը պէտք է ամբողջացուցած ըլլայ պետութեան կողմէ սահմանուած տարիքը:

Այլ դպրոցներէ եկող աշակերտներ պարտին ներկայացնել հետեւեալ փաստաթուղթերը.

  • Դպրոցական հաստատագիր (Ifade), վաւերացուած Կրթութեան նախարարութենէն,
  • Վերջին վիճակացոյցը,
  • Դիմումնագիր,
  • ինքնութեան թուղթ (Hawiyye կամ Ikhraj fardi),
  • հինգ լուսանկար (նոր),
  • Պրէօվէի յաջողութեան նիշերը (10-րդէն վեր դիմողներու)։

Մինչեւ 3-րդ դասարան (ներառեալ) ընդունելութիւնը կը կատարուի նախորդ վիճակացոյցին հիմամբ, առանց մուտքի քննութեան:

Seperator

Մուտքի քննութիւններ

Հայ Աւետարանական վարժարաններէ եկող աշակերտներ, որոնց տարեկան ընդհանուր միջինը 75-էն վար է, մուտքի քննութիւն պէտք է յանձնեն (ցանկը ստորեւ): Սուրիոյ հայ աւետարանական վարժարաններէ ժամանած աշակերտներ, վերոյիշեալէն բացի, անպայման կը յանձնեն անգլերէնի քննութիւն:

Այլ հայկական վարժարաններէ եկող աշակերտներ, որոնց տարեկան ընդհանուր միջինը 90-էն վար է, մուտքի քննութիւն պէտք է յանձնեն (ցանկը ստորեւ): Բոլոր սուրիահայ աշակերտները, անպայմանօրէն նաեւ՝ անգլերէնի քննութիւն:

Մուտքի քննութիւնները հետեւեալներն են

4-րդ եւ 5-րդ դասարան. Արաբերէն, Անգլերէն, Թուաբանութիւն

6-րդ եւ 7-րդ դասարան. Արաբերէն, Անգլերէն, Թուաբանութիւն, Գիտութիւն

8-րդ, 9-րդ, 10-րդ դասարան. Արաբերէն, Անգլերէն, Թուաբանութիւն, Բնագիտութիւն, Քիմիագիտութիւն

11-րդ եւ 12-րդ դասարան. Արաբերէն, Անգլերէն, Թուաբանութիւն, Բնագիտութիւն, Քիմիագիտութիւն, Կենսաբանութիւն

Քննութիւն եւ միջին

Կրթական տարին կը բաղկանայ 4 երկամսեակէ, որոնց իւրաքանչիւրին աւարտին, աշակերտը կը ստանայ վիճակացոյց: Առաջին կիսամեակի (Փետրուար) եւ երկրորդ կիսամեակի (Յունիս) աւարտին, 4-րդէն 12-րդ դասարանի աշակերտները կը յանձնեն քննութիւններ: (9-րդ եւ 12-րդ դասարաններու քննութիւնները բնոյթով եւ ժամանակացոյցով կրնան տարբերիլ):

Պետական քննութեանց պատրաստուող դասարանները կ'ունենան 2 կամ աւելի փորձ-քննութիւններ, որոնք կրնան հաշւուիլ իբրեւ դպրոցական քննութիւն կամ երկու գրաւոր, ըստ այդ տարուան որոշումին: Հետեւաբար, աշակերտներ լրջօրէն պատրաստուելու են այդ փորձ-քննութեանց:

4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները կարգ մը դասանիւթերու քննութիւն չեն յանձներ:

Քննութեանց նախորդող երկու երկամսեակներուն իբրեւ միջին՝ Նախակրթարանին մէջ 90, իսկ երկրորդականին մէջ 88 բերող աշակերտները զերծ կը կացուցուին Կրօնի, Հայերէնի եւ Հայոց Պատմութեան քննութիւններէն, բացի եթէ անձամբ փափաքին յանձնել զանոնք, միջինը ալ-աւելի բարձրացնելու կամ այլ նպատակով:

Վիճակացոյցին մէջ նիշերը կը հաշւուին հետեւեալ սկզբունքով.

  • Երկամսեակի նիշերը կը ներառեն տուեալ շրջանի գրաւորներուն, պարտականութիւններուն, բերանացի ստուգումներուն եւ նիշով գնահատուած զանազան աշխատանքներուն նիշերը:
  • Առաջին ու երկրորդ երկամսեակի եւ կիսամեայ քննութեան նիշերուն միջինը կը կազմէ առաջին երկամսեակի միջինը: Նոյն սկզբունքը կը գործէ երկրորդ կիսամեակին (երրորդ ու չորրորդ երկամսեակ եւ ամավերջի քննութիւն):
  • Ընդհանուր միջինը կը հաշւուի Ա. եւ Բ. կիսամեակներու նիշով:

Աշակերտին աշխատանքին արժեւորումը կը կատարուի 100 նիշի հիման վրայ։ Անցման նիշը 60 է, իսկ վիճակացոյցի նուազագոյն նիշը՝ 30:

Դասերու միջինը կը հաշւուի դասապահերու շաբաթական թիւին հիմամբ։

Իւրաքանչիւր դաս ունի իր արժեկէտը (credit)։ Շաբաթական չորս եւ աւելի պահերով դասաւանդուող նիւթերը մէկ արժեկէտ ունին, իսկ մնացեալները՝ կէս։ Հայերէնը եւ Ս. Գիրքը միշտ մէկ արժեկէտ ունին։

Seperator

Գրաւորներ

Շաբաթական 2-3 պահ ունեցող դասերը, երկամսեակի ընթացքին կ՚ունենան առնուազն երկու գրաւոր, իսկ 4 եւ աւելի պահ ունեցողները՝ առնուազն 3։

Գրաւորներուն նիշը երկամսեակի միջինին կարեւոր բաղադրիչն է, ուստի անհրաժեշտ է լրջօրէն նախապատրաստուիլ անոնց։

Մէկ օրուան մէջ երկու գրաւորէն աւելի պէտք չէ ըլլայ (բացառութիւնները կը սահմանէ տնօրէնը, դաստիարակին գիտակցութեամբ)։ Դասարանի հսկիչին պարտականութիւնն է այդ մասին իրազեկել ուսուցիչները

Գրաւորներու առաւելագոյն նիշը հարիւր է (նոյնիսկ եթէ յաւելեալ հարցումներու նիշերով գումարը 100-ը անցնի)։ Գրաւորի մը նուազագոյն նիշը զերօ է։

Բանաւոր պատճառով բացակայած աշակերտը կրնայ գրաւորի make-up ընել տնօրէնութեան տուած արտօնագիրէն ետք, դպրոց գալու օրէն մինչեւ մէկ շաբաթ, ուսուցիչին հետ համաձայնաբար: Այդ արտօնագիրը ձեռք ձգելու պատասխանատուն աշակերտն է: Այլապէս ան կը կորսնցնէ այդ իրաւունքը եւ տուեալ գրաւորին զերօ կը ստանայ։

Ուսուցիչին իրաւունքն է make-up-ի գրաւոր մը 10-15% դժուարացնել, կանոնաւոր գրաւորին բաղդատած։

Գրաւորի մը ճերմակ թուղթ յանձնող աշակերտը ոչ միայն զերօ կը ստանայ, այլեւ կ՚ենթարկուի կախակայումի եւ գրաւոր ազդարարութեան։

Գրաւորի ընթացքին, որեւէ ձեւով խարդախութեան դիմող (copy ընող) աշակերտ մը, ո՛չ միայն զերօ կը ստանայ, այլեւ կ՚ենթարկուի կախակայումի եւ գրաւոր ազդարարութեան։

Seperator

Կարգափոխութիւն եւ վերաքննութիւն

Կարգը կը կրկնէ այն աշակերտը, որուն ձախողած դասերուն արժեկէտերուն գումարը 2.5-էն աւելի ըլլայ, կամ ընդհանուր միջինը՝ 60-էն վար։

Աւարտական կարգի աշակերտ մը բոլոր նիւթերուն մէջ յաջողած պէտք է ըլլայ, որպէսզի ստորագրուած վկայական ստանայ։

12-րդ կամ 9-րդ կարգերուն մէջ ձախողներ ունեցող կամ կրկնելու վտանգին ենթարկուած աշակերտ մը, երբ պաքալորեայի կամ պրէօվէի պետական քննութիւններուն յաջողի, ինքնաբերաբար կարգը կը փոխէ (եթէ 12-րդ է՝ վկայականը կը ստորագրուի), բացի եթէ ձախողած է այնպիսի նիւթի մը մէջ, որ պետական քննութեան ենթակայ չէ (հայերէն, ֆրանսերէն, Ս. Գիրք, Պատմութիւն եւ այլն), որուն վերաքննութիւն յաձնելու պարտաւոր է:

Աշակերտ մը վերաքննութեան իրաւունք կ’ունենայ, երբ ձախողած դասերուն արժեկէտերուն գումարը 2.5 կամ պակաս է։

Վերաքննութենէն ետք, երբ ձախողած դասերուն արժեկէտերուն գումարը 1.5-էն աւելի ըլլայ (Նախակրթարանի պարագային) իսկ 1-էն աւելի՝ (Միջնակարգի եւ Երկրորդականի պարագային), աշակերտը կարգը կը կրկնէ։

Միջավայրը փոխել կը յանձնարարուի այն աշակերտին, որ

  • Նոյն դասարանը երկրորդ անգամ կը կրկնէ, նոյնիսկ եթէ առաջին անգամ կրկնած է այլ վարժարանի մը մէջ:
  • Ամբողջ ուսման տեւողութեան երրորդ անգամ կրկնել կը ստիպուի:
  • Ուսուցչական խորհուրդին (Facullty Council) եւ/կամ դասարանային ժողովին կողմէ արժանի չի նկատուիր կրկնելու, տարիքի, վարքի եւ այլ պատճառներով:

Կարգափոխութեան օրէնքին մէջ բացառութիւններ կատարելու իրաւունքը վերապահուած է միայն Ուսուցչական խորհուրդին, որ տնօրէնին հրաւէրով կը քննէ ենթակային գրաւոր դիմումին մէջ յիշուած բացատրութիւնները եւ ըստ այդմ՝ որոշում կ'առնէ: Այս բացառութիւնը չի գործեր եթէ ենթակային ձախողած դասանիւթերուն արժեկետը 3-էն աւելի է կամ ընդհանուր տարեկան միջինը՝ 60-էն նուազ: Բացի աշակերտին տուած պատճառներէն, խստօրէն նկատի կ'առնուին ենթակային տարիքը եւ վարքը:

Armenian Evangalical College
is coming soon!!

It's almost ready ... :)