ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Հայ Աւետարանական Գոլէճի հիմնարկութեան թուական ընդունուած է 1923-ը (թէեւ այդ թուականէն առաջ ալ դպրոցական գործունէութիւն տեղի ունեցած է), երբ գաղթականութեան շատ համեստ պայմաններու տակ, ուսումնասէր եւ նպատակասլաց վերապրողներու կողմէ կը դրուի անոր հիմը: Հայ Աւետ. երկրորդ նախակրթարանին հիմամբ (հիմ. 1922), 1923-ին կը հիմնուի Հայ Աւետարանական Մանչերու Բարձրագոյն Վարժարանը, որ կը պատկանէր Հայ Աւետարանական համայնքին: Այդ դպրոցին եւ Ամերիկեան Միսիոնարական Պորտ Ընկերութեան Հայուհեաց Ամերիկեան Վարժարանին (Միս Ուէպի դպրոց) (հիմն. 1921) միացումով, 1933-ին կը գոյանայ Հայ Աւետ. Բարձրագոյն վարժարանը, որ մինչեւ 1943 կը ղեկավարուի խառն մարմինի մը կողմէ, ապա կը դառնայ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ սեփականութիւնը: Դպրոցը իր առաջին հունձքը կու տայ 1927-ին, 8 շրջանաւարտներով: ՀԱԳ գործած է զանազան թաղամասերու մէջ մինչեւ 1952, երբ կը փոխադրուի ու կը հաստատուի Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ կից իր ներկայ վայրը, Մեքսիք փողոց: 1948-ին, ֆրէշմէն եւ սոֆոմոր դասարաններու հաստատումով, դպրոցը ձեռք կը ձգէ գոլէճի մակարդակ եւ 1950-ին կը վերանուանուի Հայ Աւետարանական Գոլէճ:

ՀԱԳ-ը յետեղեռնեան հայ սփիւռքի առաջին հայ երկրորդական վարժարանն է:
Անիկա նաեւ առաջին դպրոցն է, որ արժանացած է համալսարանական ճանաչումի: 1927-էն սկսեալ ու շուրջ քսանամեակ մը, ՀԱԳ հանդիսացած է միակ հայ կրթական հաստատութիւնը, որուն շրջանաւարտները համալսարան ընդունուած են առանց մուտքի քննութեան:

1953 – 1954 դպրոցէն ներս կը հաստատուին «Արուեստից» եւ «Գիտական» բաժինները: 1955-ին, ՀԱԳ իր ֆրէշմէնի եւ սոֆոմորի դասարանները աստիճանաբար կը զիջի նորահաստատ Հայկազեան Գոլէճին (1996-էն՝ Համալսարան): Իսկ երբ լիբանանեան պետական պաքալորեան անհրաժեշտ պայման կը դառնայ համալսարան ընդունուելու համար, 1960-61-ին դպրոցը կ'ունենայ լիբանանեան Ա. պաքալորեայի դասարան, իսկ 1969-70-ին կը բացուի լիբանանեան Բ. պաքալորեայի դասարանը:

1970 – 1971 կը կառուցուի ՀԱԳ-ի ներկայի շէնքը, գլխաւոր բարերարութեամբ Օր. Ռութ Փիլիպպոսեանի: (Ճարտարապետ՝ Միքայէլ Եուսուֆեան): Այդուհետեւ դպրոցը պաշտօնապէս կը կոչուի Եփրեմ եւ Մարթա Փիլիպպոսեան Հայ Աւետարանական Գոլէճ, թէեւ դեռ կը ճանչցուի հարիւրաւոր շրջանաւարտներու սրտամօտ «քաղաքի հայ սքուլ» անուանումով:

1975 – 1990, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի դաժան պայմաններուն տակ, ՀԱԳ կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը, ի հեճուկս բազմակի քանդումներու, աշակերտութեան թիւի կտրուկ նուազումին եւ տնտեսական տագնապներու:

Այսօր, Հայ Աւետարանական Գոլէճը կը հանդիսանայ Պէյրութ մայրաքաղաքի վարչական տարածքի միակ հայկական վարժարանը:

Seperator

ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Բազմակողմանի կրթութեամբ ու գիտելիքի ջամբումով ամբողջական մարդու կերտում

Հայկական ինքնագիտակցութեան աճեցումով ազգային յանձնառութեան հզօրացում

Աւետարանական աւանդի փոխանցումով քրիստոնէական ինքնութեան ամրապնդում

Հայ Աւետարանական Գոլէճի նպատակն է սատարել իր աշակերտներուն մտային, ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեւոր զարգացման։ Այդ սկզբունքով, իր հիմնադրութենէն ի վեր, ան լոյս ջամբած է բազմահազար հայորդիներու, կերտելով անոնց մէջ ազգային եւ քրիստոնէական նկարագիր։

Իբրեւ Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէկ հաստատութիւնը՝ ՀԱԳ-ը կը ջանայ արդի պայմաններուն համապատասխանող ուսումնական պատրաստութեան համընթաց, իրեն յանձնուած նոր սերունդին փոխանցել նաեւ հայադրոշմ ու տոհմիկ դաստիարակութիւն եւ մանաւանդ՝ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու գիտակցութիւն։

Հայ Աւետարանական Գոլէճը կը շարունակէ անշեղ կերպով հետեւիլ վերոյիշեալ սկզբունքներուն, որոնց հանդէպ իր հաւատքը կը մնայ աւելի հաստատ քան երբեք, որովհետեւ ան համոզուած է, թէ միայն այդպէս կարելի է պատրաստել հայութեան ու հայրենիքին, Աստուծոյ ու եկեղեցիին եւ մարդկութեան հանդէպ գիտակից անհատներ։

Ահա թէ ինչու, ուսումնական կուռ ծրագրի մը կողքին, մեծ կարեւորութիւն կը տրուի հոգեւոր եւ ազգային դատիարակութեան, որուն համար ալ հաստատուած են նաեւ կրօնի ու հայագիտական դասերը, առօրեայ պաշտամունքները եւ շաբաթօրեայ ատենամարզանքները, կիրակնօրեայ ամսական դրութեամբ եկեղեցական պաշտամունքները կամ դպրոցի ակումբային եւ արտադասարանային գործունէութիւնները, որոնք ունին մեծ կարեւորութիւն եւ անոնց հանդէպ կ'ակնկալուի լուրջ վերաբերմունք եւ խանդավառ մասնակցութիւն:

Seperator

Տնօրէնութեան խօսքը տեսերիզ

Seperator

Armenian Evangelical College
is coming soon!!

It's almost ready ... :)